image

Քոչարեանի գործով դատարանը կը մերժէ դադրեցնել 300.1 յօդուածով քրէական հետապնդումը

Քոչարեանի գործով դատարանը կը մերժէ դադրեցնել 300.1 յօդուածով քրէական հետապնդումը

 

ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ միւսներու գործով դատաւոր Աննա Դանիբեկեանը հրաժարած է դադարցնել 300.1-րդ յօդուածով քրէական հետապնդումը ՍԴ որոշման հիման վրայ:

 

Յաջորդ նիստը պիտի կայանայ 2 ապրիլին ժամը 13:00-ին:

Նիստի յետաձգման պատճառը դատախազներու բացակայութիւնն է:

Սա առաջին դատական նիստն է ՍԴ որոշումէն ետք, որով ՔՕ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 300.1-րդ յօդուածը ճանչցուած է Սահմանադրութեան 78-րդ, 79-րդ յօդուածներուն հակասող եւ անվաւեր:  Նախօրէին երեկոյեան ՍԴ-ն հրապարակած է 42-էջանոց որոշումը: ՍԴ որոշման եզրափակիչ մասը հրապարկուած է անցած շաբթուայ վերջը: ՍԴ որոշումը վերջնական է եւ ենթակայ չէ բողոքարկման: Պարզ չէ, թէ ինչ կարգի տապալման մասին է խօսքը՝ հաշուի առնելով, որ յօդուածն ընդունուած է Սահմանադրութեամբ մը, եւ փորձած են փոխել մէկ այլ Սահմանադրութեամբ:

Ռոպերթ Քոչարեանը, Եուրի Խաչատուրովը, Սէյրան Օհանեանը եւ Արմէն Գէորգեանը կը մեղադրուին այդ յօդուածով՝ սահմանադրական կարգի տապալում: Փաստացի, դատարանը պէտք է դադրեցնէ այդ յօդուածով քրէական հետապնդումը վերը թուարկուած անձանց, ինչպէս նաեւ նմանատիպ մեղադրանքով այդ գործի շրջածիրէն ներս անձանց նկատմամբ: