«Արեւելք»ի տուեալներով անծանօթներ գողութեան նպատակով ներխուժած են Պետրոս Տումանեանի բնակարանը եւ իրենց չար գործը կատարելու համար սպաննած են տանտիրոջ քոյրը՝ Սիրարփի Տումանեանը։
Երէկ ծանր ոճիր մը ցնցած է Լիբանանի Այնճար հայաւանը։
«Արեւելք»ի տուեալներով անծանօթներ գողութեան նպատակով ներխուժած են Պետրոս Տումանեանի բնակարանը եւ իրենց չար գործը կատարելու համար սպաննած են տանտիրոջ քոյրը՝ Սիրարփի Տումանեանը։
Վիրաւորուած է նաեւ Պետրոս Տումանեանը, իսկ յանցագործը կամ յանցագործները (անոնց թիւը ճշդուած չէ ցարդ) կարողացած է խոյս տալ դէպքի վայրէն։ Վիրաւոր Պետրոսը անմիջապէս փոխադրուած է հիւանդանոց եւ բարեբախտաբար անոր կեանքին վտանգ չկայ։ Գիւղի պատկան մարմինները, գլխաւորութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան, դատապարտած են դէպքը ու նաեւ կոչ ուղղած պատկան մարմիններուն՝ բացայայտելու բոլոր հանգամանքները եւ ձերբակալելու յանցագործները։