image

Քրեմլին արձագանգած է Իրանի կողմէ Ռուսիոյ անօդաչուներու մատակարարման մասին տեղեկութեան

Քրեմլին արձագանգած է Իրանի կողմէ Ռուսիոյ անօդաչուներու մատակարարման մասին տեղեկութեան

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով, մեկնաբանելով արեւմտեան մամուլի մէջ յայտնուած հրապարակումն առ այն, որ Իրան, իբր, անօդաչու սարքեր մատակարարած է Ռուսիա՝ Ուքրանիոյ մէջ օգտագործելու համար, The Washington Post պարբերականը մեղադրած է կեղծիքներ հրապարակելու համար, գրած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը։

«The Washington Post-ը, ցաւօք, վերջերս շատ տեղեկատուական լցոնումներ կ'ընէ», -ըսած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը։

«Ինչ կը վերաբերի Իրանի հետ մեր յարաբերութիւններուն, ապա անոնք կը զարգանան, կը զարգանային նախապէս, կը զարգանան հիմա եւ պիտի շարունակեն զարգանալ»,- ընդգծած է Փեսքով։