Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքներէն տարանցիկ համացանցի փոխանցման եւ մատակարարման վերաբերեալ համաձայնագիր ստորագրուած է։ Այս մասին կը յայտնեն «Թելեքոմ Արմենիա»-էն։
22 Յունիս 2026, Երեւան․ «Թելեքոմ Արմենիա» եւ «Ազերթելեքոմ» ընկերութիւնները ստորագրած են երկկողմանի համաձայնագիր, որ կը նախատեսէ երկու երկիրներու տարածքներէն տարանցիկ համացանցի փոխանցում եւ մատակարարում՝ առեւտրային հիմունքներով։
Համաձայնագիրի շրջածիրէն ներս «Թելեքոմ Արմենիա»-ն, հանդիսանալով տարածաշրջանին մէջ առաջատար տարանցիկ գործարկող, կ՚ընդլայնէ միջազգային համացանցային երթեւեկի (traffic) մատակարարման երկիրներու թիւը եւ աշխարհագրական ընդգրկումը՝ ապահովելով տարանցումը սեփական ենթակառուցուածքերու միջոցով դէպի Ատրպէյճան։
Համաձայնագիրը նպատակ ունի նպաստելու տարածաշրջանին մէջ կապուղիներու բազմազանեցման, հեռահաղորդակցութեան ցանցերու վստահելիութեան բարձրացման եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան զարգացման։