image

Քննարկուած են Քուէյթի մէջ գործող հայ համայնքի գործունէութեան վերաբերող հարցեր

Քննարկուած են Քուէյթի մէջ գործող հայ համայնքի գործունէութեան վերաբերող հարցեր

Հոկտեմբեր 17-ին ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանն ընդունած է ՀՀ-ի մէջ Քուէյթի Պետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մուհամմատ Թարեք Ալի Օրայֆանին։ Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներու մէջ փորձի փոխանակման եւ համատեղ ուսումնասիրութիւններու իրականացման հնարաւորութիւնները։

 Զարեհ Սինանեանը կարեւորած է Հայաստանի եւ Քուէյթի միջեւ յարաբերութիւններու խորացման անհրաժեշտութիւնը՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով շարունակելու համագործակցութիւնը փոխայցերու եւ համատեղ նախաձեռնութիւններու միջոցով։

Քննարկուած են նաեւ Քուէյթի մէջ գործող հայ համայնքի գործունէութեան եւ համագործակցութեան նոր ուղղութիւններու բացման վերաբերող հարցեր։

Դեսպան Ալ Օրայֆանին բարձր գնահատած է Քուէյթի մէջ հայ համայնքի եւ ՀՀ դեսպանութեան արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը՝ ընդգծելով, որ իր գործունէութեան ընթացքին պիտի ձգտի աւելի զարգացնել Հայաստան-Քուէյթ գործընկերութիւնը եւ նոր ծրագրերու հիմք ստեղծել։