Քիեւի քաղաքապետ Վիթալի Քլիչքօն, Ռուսիոյ սաստկացած յարձակումներու լոյսին տակ, առաջարկած է Ուքրանիոյ մայրաքաղաքի այն բնակիչներուն, որոնք քաղաքէն դուրս բարեկամներ կամ հարազատներ ունին, ժամանակաւորապէս հեռանալ քաղաքէն։ Այս մասին քաղաքապետը յայտնած է AFP գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին։
Ան զգուշացուցած է, որ եթէ ռուսական յարձակումներուն հետեւանքով ջրամատակարարման համակարգը խափանի, Քիեւի մէջ կրնայ «բաւական մաշտապային» ճգնաժամ յառաջանալ։
Միեւնոյն ժամանակ, Քլիչքօ ընդգծած է, որ ինք համատարած տարհանման կոչ չ՚ըներ։ «Ատիկա Փութինի նպատակն է։ Անոր համար լաւագոյն տարբերակը այն է, որ մենք բոլորս հեռանանք եւ իրեն ձգենք մեր դատարկ քաղաքներն ու ամբողջ երկիրը», ըսած է Քիեւի քաղաքապետը։
Ան նշած է, որ Քիեւի իշխանութիւնները ձմրան ընդառաջ պահեստային ջեռուցման համակարգեր կը կառուցեն եւ վառելանիւթի, սննդամթերքի ու խմելու ջուրի պաշարներ կը կուտակեն։
Սակայն Քլիչքօ զգուշացուցած է, որ որքան ալ Քիեւի իշխանութիւններն ու բնակիչները լաւ պատրաստուին, «եթէ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը չգործէ, կրնանք ծանր կացութեան մէջ յայտնուիլ»։