image

Ռուսիան խորհուրդ կու տայ զերծ մնալ Իրան մեկնելէ՝ մինչեւ իրավիճակի կարգաւորումը․ Զախարովա

Ռուսիան խորհուրդ կու տայ զերծ մնալ Իրան մեկնելէ՝ մինչեւ իրավիճակի կարգաւորումը․ Զախարովա

 

Ռուսիա կը յորդորէ զերծ մնալ Իրան մեկնելէ՝ մինչեւ իրավիճակի կարգաւորումը՝ նկատի ունենալով նոր սրացման շարունակուող վտանգները։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։

Ան Իրանի մէջ գտնուող Ռուսիոյ քաղաքացիներուն կոչ ուղղած է զգօն ըլլալու, խուսափելու մարդոց կուտակումներէն, զանգուածային ձեռնարկներու կայացման վայրերէն, ինչպէս նաեւ ռազմական եւ կառավարական կառոյցներու մերձակայքէն։

Զախարովայի համաձայն՝ ռուսական կողմը ուշադիր կը հետեւի իրավիճակի զարգացումներուն եւ նոյնը կը յորդորէ ընել Իրանի մէջ գտնուող իր քաղաքացիներուն։