image

Քեսապի ծառայական կեանքը՝ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի ուշադրութեան առարկայ

Քեսապի ծառայական կեանքը՝ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի ուշադրութեան առարկայ

Քեսապի հայ աւետարանական համայնքը իր հոգեւոր, կրթական ու մշակութային ներկայութեամբ միշտ ալ եղած է Սուրիոյ հայութեան կարեւոր օճախներէն մէկը։ Այդ ներկայութիւնը կը շարունակէ իմաստաւորուիլ նուիրեալ ծառայութեամբ, համայնքային պատասխանատուութեամբ եւ ապագային ուղղուած յստակ նախաձեռնութիւններով։

Այս շրջագիծին մէջ, Ուրբաթ, 26 Յունիս 2026-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան հիւրընկալեց Քեսապի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Պատուելի Շանթ Ակիշեանի, ընկերակցութեամբ տիարք Ճորճ Կարպուշեանի եւ Ժագ Ապաճեանի։

Ստորեւ այդ մասին Հալէպի Հայ Աւետարանական «ԲԵԹԵԼ» եկեղեցւոյ հրապարակած հաղորդագրութիւնը՝

Ուրբաթ, 26 Յունիս 2026-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան հիւրընկալեց Քեսապի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Պատուելի Շանթ Ակիշեանի, ընկերակցութեամբ տիարք Ճորճ Կարպուշեանի եւ Ժագ Ապաճեանի։ Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Քեսապի եկեղեցական կեանքին, համայնքային ծառայութեան եւ Միսաքեան Մշակութային Կեդրոնի գործունէութեան առնչուող ներկայ ծրագիրներն ու ապագայի նախաձեռնութիւնները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շրջանի մէջ իրականացուող զանազան ծառայութիւններուն, առկայ մարտահրաւէրներուն եւ համագործակցութեան նոր կարելիութիւններուն։ Համայնքապետ Վերապատուելին իր գնահատանքը յայտնեց պատուիրակութեան նուիրեալ ծառայութեան համար՝ շեշտելով Քեսապի հոգեւոր, կրթական, մշակութային եւ համայնքային կեանքի շարունակական զօրացման կարեւորութիւնը։