Խոր վշտով կը տեղեկացնենք հանրայայտ դիւանագէտ եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան երկարամեայ պաշտօնեայ Պենոն Վահէ Սեւանի մահուան մասին։
Նիկոսիոյ մէջ ծնած եւ մեծցած Պենոն Սեւան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Մելքոնեան կրթական հաստատութեան մէջ։ Ան ապա ուսումը շարունակած է Նիւ Եորքի Քոլումպիա համալսարանին մէջ՝ մասնագիտանալով պատմութեան, փիլիսոփայութեան, միջազգային եւ հանրային յարաբերութիւններու մէջ։
Սեւան երկար տարիներ ծառայած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ՝ ստանձնելով պատասխանատու եւ բարձր պաշտօններ։ Ան աշխատած է միջազգային կարեւորագոյն հարցերու եւ հակամարտութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ, մասնաւորաբար՝ Աֆղանիստանի եւ Իրաքի հարցերուն առնչութեամբ։
Ան նաեւ նշանակուած է ՄԱԿ-ի քաղաքական հարցերու բաժանմունքի գլխաւոր քարտուղարի օգնական։ Հետագային Սեւան ստանձնած է «Նաւթ՝ սնունդի դիմաց» ծրագիրի պատասխանատուութիւնը, որ կը գործադրէր Իրաքի նկատմամբ սահմանուած միջազգային պատժամիջոցներու պայմաններուն մէջ։
Ծրագիրը հետագային դարձաւ լայնածաւալ քննութիւններու եւ հակասութիւններու առարկայ։ Սեւանի գործունէութիւնը եւս քննութեան ենթարկուեցաւ, եւ ան հեռացաւ ՄԱԿ-էն։
Պենոն Սեւան սերտ կապեր ունեցած է Կիպրոսի հայ համայնքին հետ։ Ան իր գիտելիքով, մարդասիրութեամբ եւ համայնքային կեանքին հանդէպ ունեցած նուիրումով երկար տարիներ արժանացած է շրջապատին սիրոյն ու յարգանքին։
Պենոն Սեւանի մահը մեծ կորուստ մըն է իր ընտանիքին, հարազատներուն, բարեկամներուն, ինչպէս նաեւ զինք ճանչցած բոլոր անձերուն համար։