image

Պռոշեան փողոցի վրայ իրավիճակը լարուեցաւ. ոստիկանները բերման ենթարկեցին քաղաքացիներ

Պռոշեան փողոցի վրայ իրավիճակը լարուեցաւ. ոստիկանները բերման ենթարկեցին քաղաքացիներ

ՀՀ Ազգային Ժողովի շէնքի յարակից հատուածին մէջ իրավիճակը լարուած է։ Ոստիկանները Դեմիրճեան–Պռոշեան խաչմերուկէն բերման ենթարկած են «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման մասնակիցները։

Այդ ընթացքին Բագարատ սրբազանը ելոյթ կ՚ունենար Ազգային Ժողովի շէնքի դիմաց։ Ան դիմած է ոստիկաններուն` կոչ ընելով դադրեցնելու անօրինական գործողութիւնները եւ մարդոց անիմաստ բերման չենթարկելու։

Յիշեցնենք` «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման անդամներն ու կողմնակիիցները, որոնք կը պահանջեն գործող իշխանութեան հրաժարականը, յունիս 10-էն փակ կը պահեն Բաղրամեան պողոտայի մէկ հատուածը։ Այսօր առաւօտեան այդ տարածքին մէջ աւելցած է ոստիկաններու թիւը, քանի որ Ազգային Ժողով եկած են կառավարութեան անդամները։