Երէկ խօսած եմ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ՝ յայտնելու մեր խոր մտահոգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական վատթարացող պայմաններու կապակցութեամբ։ Այս մասին իր թուիթըրեան էջին գրած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն:
«Միացեալ Նահանգները կոչ կ'ընէ բոլոր կողմերուն շարունակելու երկխօսութիւնը՝ կայուն խաղաղութեան համաձայնագրի հասնելու համար», - գրած է Պլինքըն։
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանը 2022–ի դեկտեմբեր 12-էն փակած է Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը՝ Լաչինի միջանցքը: Ապրիլ 23-ին Ատրպէյճան ապօրինաբար անցակէտ տեղադրած է միջանցքին վրայ` այն ամբողջութեամբ առնելով իր վերահսկողութեան տակ։