image

Պլինքըն. Հայաստան եւ Ատրպէյճան մօտ են խաղաղութեան

Պլինքըն. Հայաստան եւ Ատրպէյճան մօտ են խաղաղութեան

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները Միացեալ Նահանգներու մէջ քանի մը օր տեւած բանակցութիւններուն գրանցած են շօշափելի առաջընթաց եւ խաղաղութեան համաձայնագիրն արդէն շատ մօտ է։ Այս մասին մայիսի 4–ին Միացեալ Նահանգներու մէջ բանակցութիւններու եզրափակիչ նիստին ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն։

«Եւ Հայաստանը, եւ Ատրպէյճանը կ'ընդունին, որ կայուն խաղաղութեան հասնելու միակ ճանապարհը երկխօսութեան միջոցով է։ Կողմերը շատ ծանր հարցեր քննարկած են վերջին օրերուն, եւ շօշափելի առաջընթաց գրանցած են տեւական խաղաղութեան պայմանագրի հարցով։ Յոյսով եմ եւ կը կարծեմ, որ ինչպէս եւ ես, անոնք նոյնպէս կը հասկնան, որ առկայ է տեսանելի եւ հասանելի համաձայնութիւն, որուն  հասնիլը կ'ըլլայ ոչ միայն պատմական քայլ, այլ նաեւ հիմնական կը բխի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներու շահերէն եւ շատ դրական ազդեցութիւն կ'ունենայ նոյնիսկ այդ երկու երկիրներու սահմաններէն դուրս։ Կը կարծեմ՝ բանակցութիւններու ընթացքը եւ հիմքը, որ դրած են այստեղ գտնուող մեր գործընկերները, ցոյց կու տայ, որ մենք մօտ ենք համաձայնության հասնելուն։

Մենք բոլորս գիտենք, որ իւրաքանչիւր մարաթոնի վերջին մղոնը միշտ ամենադժուարն է, բայց Միացեալ Նահանգները այստեղ է, որ շարունակէ օգնել մեր երկու բարեկամներուն հատելու եզրագիծը, եւ նորէն կ'ըսեմ, որ մենք շատ մօտ ենք ատոր։ Այս ամէնը հեշտ չէ, բայց առաջ երթալու, մնացած հարցերը քննարկելու վճռականութիւնը իրական է, եւ այս օրերու քննարկումներէն կ'եզրակացնենք, որ մենք շատ շօշափելի առաջընթաց գրանցած ենք»,–ըսած է Պլինքըն։