Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի հետ, յայտնած է Քրեմլի կայքը:
«Քննարկուած է իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ: Գոհունակութեամբ նշուած է, որ իրավիճակը հիմնական կայուն է, եւ հրադադարի ռեժիմը խստօրէն կը պահպանուի», - ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Բացի այդ, պետութիւններու ղեկավարները վերանայած են Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական կապերու եւ փոխադրային հաղորդակցութիւններու հաստատման ուղղութեամբ աշխատանքներու ընթացքը եւ դրական գնահատած Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը:
Փութինն ու Ալիեւը անդրադարձած են նաեւ երկկողմ օրակարգի որոշ հարցերու, այդ շարքին՝ նոր «Քորոնա» ժահրային վարակի դէմ պայքարի ոլորտին մէջ համագործակցութեան: Երկիրներու ղեկավարները հաստատած են ռազմավարական գործընկերութիւնն ամրապնդելու իրենց մտադրութիւնը եւ պայմանաւորուած հետագայ շփումներու շուրջ:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել