image
Հրատապ լուրեր:

Թրամփ եւ Շարըհ հեռախօսազրոյց. Թեման Քիւրտերու հարցն էր

Թրամփ եւ Շարըհ  հեռախօսազրոյց. Թեման Քիւրտերու հարցն էր

Միացեալ Նահանգներու նախաահ  Տանըլ Թրամփ եւ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարըհ հեռախօսազրոյց ունեցած են: Անոնք քննարկած են Արաբական Հանրապետութեան մէջ քիւրտերու իրաւունքներն ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:

Երկրի կառավարութեան եւ «Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր»ու միջեւ օրերս կնքուած հրադադարի լոյսի ներքոյ՝ Թրամփ եւ Շարըհ «վերահաստատած են Սուրիոյ մէջ միասնութեան եւ անկախութեան պահպանման կարեւորութիւնը», համաձայնած են գործակցիլ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին։

Զուգահեռ, երկրին մէջ լարուածութիւնը կը պահպանուի: Սուրիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը եւ քրտական ուժերը յայտնած են, որ վերջին բախումներու ընթացքին Շատատտի բանտէն փախած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան հարիւրաւոր անդամներ եւ միացած երկրին մէջ գործող տարբեր խմբաւորումներու: