image

Էրտողան եւ Թրամփ հեռախօսազրոյցով քննարկած են Վենեզուելայի մէջ ստեղծուած իրավիճակը

Էրտողան եւ Թրամփ հեռախօսազրոյցով քննարկած են Վենեզուելայի մէջ ստեղծուած իրավիճակը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը հեռախօսազրոյց ունեցած են՝ Վենեզուելայի մէջ ստեղծուած իրավիճակի եւ շարք մը այլ թեմաներու շուրջ, յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակը։

«Նախագահները քննարկած են Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ երկկողմ քաղաքական յարաբերութիւնները, պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտի մէջ համագործակցութիւնը, երկու երկիրներու միջեւ առեւտուրի նպատակային ծաւալին հասնելու համար ձեռնարկուելիք քայլերը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային հարցեր, մասնաւորապէս՝ Կազայի եւ Վենեզուելայի մէջ տիրող իրավիճակը», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ։