image

The Guardian. Ռիատ առաջ կը մղէ այլընտրանքային ծրագիր, որ կը բացառէ Իսրայէլը Ուաշինկթընի հետ գործարքէն

The Guardian. Ռիատ առաջ կը մղէ այլընտրանքային ծրագիր, որ կը բացառէ Իսրայէլը Ուաշինկթընի հետ գործարքէն

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Սէուտական Արաբիան կը շարժին երկկողմ համաձայնագրեր ստորագրելու ուղղութեամբ, որոնք պէտք է կապուած ըլլան Մերձաւոր Արեւելքի մէջ աւելի լայն կարգաւորման ծրագրի մը հետ։ Այս առումով ալ ԱՄՆ պաշտօնատարները կը նշեն, որ յառաջիկային ըլլալիք համաձայնութիւններուն մէջ ներգրաւուած պիտի ըլլան Իսրայէլն ու պաղեստինցիները։

Այս մասին մանրամասն տեղեկատւութիւն կատարած է բրիտանական The Guardian-ը։

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր «Ալ Մայատին»

Ստորեւ այդ մասին եղած հրապարակումը։

The Guardian կը գրէ, որ Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի բացակայութեան եւ պաղեստինեան պետութեան ստեղծման հարցով Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի անզիջողականութեան պայմաններուն մէջ Սէուտական Արաբիան կը ձգտի «Բլան B»ի մը, որ «աւելի համեստ», եւ «Իսրայէլը բացառող»  համաձայնութիւն մը կրնայ ըլլալ։

Ծրագիրը կը նախատեսէ երկկողմ համաձայնագրերու ստորագրում Միացեալ Նահանգներու եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ, որ կը վերաբերի՝ պաշտպանական համաձայնագրին, քաղաքացիական նպատակներով Սէուտական Արաբիոյ միջուկային ուժանիւթի արդիւնաբերութեան կառուցման ուղղուած ամերիկեան աջակցութեան եւ արհեստական ​​բանականութեան ոլորտներուն։

Ատոր դիմաց Իսրայէլին պիտի առաջարկուի Ռիատի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորում՝ երկու պետութիւններու լուծումն ընդունելու դիմաց։ Եւ «Բլան B»ին  համաձայն՝ ԱՄՆ-Սէուտական Արաբիա գործարքներու իրագործումը կախուած պիտի չըլլայ Նաթանիահուի կառավարութեան հաւանութենէն:

Այդուհանդերձ, որոշ  նշաններ կը վկայեն Պայտընի ճամբարին մէջ երկմտանքի մասին, որովհետեւ ամերիկացի պաշտօնեաները աւելի նուազ կառչած կը մնան ԱՄՆ-Սէուտական Արաբիա համաձայնագրերը Իսրայէլի հետ կարգաւորելու եւ երկու պետութիւններու լուծման հետ կապելու գաղափարին:

 

Անվտանգութեան պայմանագիր

Քանի մը օր առաջ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆեյսալ պըն Ֆարհան յայտարարեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները «շատ մօտ են» երկու երկիրներու միջեւ երկկողմ համաձայնագրերու կնքման, ներառեալ անվտանգութեան համաձայնագիրը:  

Ան այդ առումով ըսած է. «Աշխատանքի մեծ մասն իրականացուած է, եւ մենք նախանշած ենք պաղեստինեան ճակատի վրայ տեղի ունենալիքի ընդհանուր ուրուագիծերը, եւ այդ հարցը սերտօրէն համաձայնեցուցած ենք պաղեստինցիներուն հետ. այն պէտք է ըլլայ իրատեսական ճանապարհ դէպի Պաղեստին պետութիւն, վստահելի եւ անշրջելի՝ ճանապարհ, սա է միակ ճանապարհը»։

Միւս կողմէ, կը նշուի, որ Սպիտակ տունը աշխուժացուցած է շփումները Թէլ Աւիւի եւ Ռիատի հետ՝ հասնելու համար անոնց միջեւ պաշտօնական կարգաւորման, որուն  կը ձգտի հասնիլ մինչեւ ամերիկեան ընտրութիւնները, եւ որուն միտք բանին է՝ «Նաթանիահուի Պաղեստինի պետութեան սկզբունքի նոր ընդունումը՝ Ռիատի կողմէ դիւանագիտական ​​ճանաչման դիմաց»:

 

Նաթանիահուն՝ պարտուած

Միեւնոյն ժամանակ, չորս ամերիկացի եւ իսրայէլցի պաշտօնեաներ ըսած են, որ Սպիտակ տունը «կը շարունակէ աշխատիլ ԱՄՆ-Սէուտական Արաբիա պաշտպանութեան պայմանագրի եւ Սէուտական Արաբիոյ քաղաքացիական միջուկային ծրագրին ամերիկեան աջակցութեան հետ կապուած փոխըմբռնումներու մշակման վրայ»:

Ամերիկացի պաշտօնեաները յոյս ունին, որ երկկողմանի համաձայնութեան կը հասնին սէուտցիներու հետ, որպէսզի այն ներկայացուի Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուին, անոր բացատրելով, որ այս համաձայնագիրը կը ներառէ «երկու պետութիւններու լուծման տանող ճանապարհի յանձնառութիւն»:

Անկէ ետք Նաթանիահուն երկու տարբերակ պիտի ունենայ՝ կա՛մ պիտի համաձայնի, կա՛մ հրաժարի եւ կորսնցնէ այն, ինչ մնացած է ամերիկեան աջակցութենէ։

Սէուտական Արաբիան ալ, իր հերթին, նախազգուշացուցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Իսրայէլի հետ բնականոնեցման համաձայնութեան հասնելու հնարաւորութեան մասին չափազանցութենէն՝ աւելցնելով, որ Իսրայէլի նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ ռազմավարութիւնը «գլխիվայր շրջուած է», Կազայի հատուածի մէջ պատերազմի առաջացուցած զայրոյթին  պատճառով։

Միւս կողմէ Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան հետազօտութիւններու հիմնարկը հաստատած է, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման փորձերը կը բախին լուռ, բայց նշանակալից, ժողովրդական ընդդիմութեան, որ վատթարացած է մասնաւորապէս  Կազայի դէմ պատերազմէն ասդին։