image

Պոլսահայ ուսումանսիրող՝ Արսէն Եարմանի հատորը մեծ ուշադրութեան առարկայ

Պոլսահայ ուսումանսիրող՝ Արսէն Եարմանի հատորը  մեծ ուշադրութեան առարկայ

Մեծ  յաջողութեամբ կը  շարունակուի  Պոլսահայ ուսումնասիրող՝ Արսէն Եարմանի նորատիպ հատորին՝ «ճամբորդութիւն»ը Պոլսոյ  մէջ։

Յիշեցնենք, որ Արսէն Եարման  վերջերս  հեղինակած է «Օսմանեան շրջանին գոհարեղէնն ու հայ ոսկերիչները» (թրքերէնով)  հատորը, որ   մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է,   ոչ միայն Պոլսահայ,  այլ նաեւ  տեղական շրջանակներու  մէջ։  

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ  Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ ՝

 

Պէյօղլուի «Yapı Kredi» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ՝ Արսէն Եարմանի կողմէ վերջերս հեղինակուած «Օսմանեան շրջանին գոհարեղէնն ու հայ ոսկերիչները» գիրքին շնորհանդէսը։ Երկու հաստափոր հատորներէ բաղկացեալ այս ծաւալուն աշխատանքը արդէն հետաքրքիրներու եւ ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ է եւ կ՚արժանանայ անմիջական հետաքրքրութեան։ Սա Արսէն Եարմանի կողմէ ցայսօր հրատարակուած իսկապէս հոյակապ գիրքերու շղթային վրայ աւելցած նոր օղակ մըն է եւ Արսէն Եարմանի այս ոլորտէն ներս ծաւալած գործունէութիւնն ալ կու գայ դնել նոր հարթութեան վրայ։

Երէկուան գինեձօնը համախմբեց իսկապէս հոծ բազմութիւն մը։ Ծանօթացման հաւաքոյթը ընդունելութեան մը ձեւաչափին մէջ կազմակերպուած էր։ Ինչպէս պոլսահայ համայնքային շրջանակներէն լայն մասնակցութիւն բերուեցաւ ձեռնարկին, այնպէս ալ նուազ չէին համայնքէ դուրս շրջանակներէ մասնակիցները։ Հրաւիրեալներու շարքին էր նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան։

Հաւաքոյթի ընթացքին հրապարակուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի շնորհաւորութեան գիրը, զոր ընթերցեց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեան։ Յայտագրի տեւողութեան «Yapı Kredi» մշակոյթի կեդրոնի ղեկավար Ահսէն Էրտողան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Արսէն Եարմանի գիրքին վերաբերեալ արժեւորում մը ներկայացուց փրոֆ. Կիւլ Իրեփօղլու։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Սապրի Քոզ, որ եղած է գիրքին խմբագիրը։ Ի վերջոյ, Արսէն Եարմանն ալ արտասանեց սրտի խօսք մը, որու ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց այս ծրագիրը կեանքի կոչելու ժամանակ իր հետ համագործակցած զանազան անձնաւորութիւններու՝ մասնաւորապէս նաեւ իր կողակցին՝ Հիլտա Եարմանին։

Հաւաքոյթի տեւողութեան Արսէն Եարման բազում ներկաներու համար մակարգրեց իր գիրքերը։

Հարկ է յիշեցնել, որ Արսէն Եարմանի գիրքը լոյս տեսած է «Yapı Kredi» հրատարակչութենէն։

 

ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐ

Ինչպէս ծանօթ է, Արսէն Եարմանի գիրքը հրատարակուած է թրքերէնով։ Այս առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ պատրաստած է նոյն լեզուով օրհնութեան գիր մը, որ հրապարակուեցաւ երէկուան շնորհանդէսին ժամանակ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք՝ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ երէկուան շնորհանդէսին ընթացքին ընթերցուած Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեան խօսքին բնագիրը։

*