Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատունէն լոյս տեսած է Թարա Էքմէքճի Յարութիւնեանի առաջին՝ «Ձեռք Մը» գիրքը, որ հրաւէր է փոքրիկներուն՝ բացայայտելու իրենց շուրջի աշխարհը, զգացումներն ու առօրեայ արկածները։
Նկարազարդողն է Թինա Քոբման, որ իր ինքնատիպ ու գունագեղ արուեստով պատրաստած է գիրքի էջերը։
Գիրքը կը պատմէ խաղի, փնտռտուքի ու իրարու օգնելու մասին եւ պատրաստ է ջերմացնելու ձեր փոքրիկներուն ձեռքերն ու սրտերը:
Թարա Էքմէքճի Յարութիւնեան ծնած եւ մեծցած է Լոս Անճելըսի մէջ։ Բարձրագոյն ուսումը ստացած է անգլերէն գրականութեան ճիւղին մէջ՝ ուսումը շարունակելով կրթութեան մասնագիտութեան գիծով, Մագիստրոս վկայականի արժանացած է։ Աւելի քան տասը տարիներէ ի վեր ան կը դասաւանդէ։
Իր երկու զաւակներուն աճող ձեռքերէն եւ անսահման երեւակայութենէն ներշնչուելով՝ ան գրած է «Ձեռք Մը» գիրքը։ Ան կը հաւատայ, որ իւրաքանչիւր երեխայ արժանի է ապրելու աշխարհի մը մէջ, ուր չափահասները կը հաւատան իրենց, կը քաջալերեն զանոնք եւ ուժ կու տան անոնց փոքրիկ ձեռքերուն։