Շիրակի մարզի Ոսկեհասկ գիւղի տուներէն մէկուն մէջ պայթում տեղի ունեցած է, որու հետեւանքով շինութիւնը փլուզած է, 1 մարդ մահացած է, 2-ը`տուժած։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՆԳՆ փրկարար ծառայութիւնը։
Շիրակի մարզային փրկարարական վարչութեան ճգնաժամային կառավարման կեդրոնը պայթումի մասին ահազանգը ստացած է ժամը 06:16-ին։
Դէպքի վայր մեկնած են ՆԳՆ ՓԾ մարզային փրկարարական վարչութեան խումբը եւ հրշէջ-փրկարարական ջոկատներէն երկու մարտական հաշուարկ:
Պարզուած է, որ 1-ին փողոցի 4-րդ նրբանցքի տուներէն մէկուն մէջ դեռ չբացայայտուած հանգամանքներու մէջ տեղի ունեցած է պայթում փլուզմամբ, որու հետեւանքով Ն. Խ.-ն (ծնած 1993 թ.) եւ Փ. Խ.-ն (ծնված 1967 թ.) տեղափոխուած են հիւանդանոց, ուր անոնց առողջական վիճակը գնահատուած է միջին ծանրութեան:
Փրկարարները փլատակներէն դուրս բերած Լ. Խ.-ի մարմինը, շտապօգնութեան աշխատակիցներն արձանագրած են վերջինիս մահը։
Աւելի ուշ, Քննչական Կոմիտէէն յայտնած են, որ պայթումի պատճառով «մահացած է նշուած տան բնակիչ, 12-ամեայ երեխայ, որու դին դուրս է բերուել փլատակների տակից։ Բայցի այդ, մարմնական վնասուածքներով Գիւմրի Բժշկական կեդրոն են տեղափոխուել նշուած տան 31-ամեայ եւ 56-ամեայ բնակչուհիներ»։
Նախնական, դեռ ստուգման ենթակայ տուեալներով պայթումը տեղի ունեցած է հեղուկ կազի պալոնէն արտահոսքի պատճառով՝ տան բնակչի կողմից կազօջախը միացնելու ընթացքին։