image

Պայրամովն ու Քալլասը քննարկած են տարածաշրջանային հարցեր

Պայրամովն ու Քալլասը քննարկած են տարածաշրջանային հարցեր

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը հեռախօսազրոյց ունեցած է Եւրոմիութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոյանձնաժողովի փոխնախագահ Քայա Քալլասի հետ։

Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Քննարկուած են Ատրպէյճան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու ներկայ վիճակն ու հեռանկարները, տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան հարցեր։