image

Պատուոյ յիշատակութեան մրցանակ՝ Հայ Կաթ. Մեսրոպեան Վարժարանի սաներէն՝ Կալի Թաթոյին

Պատուոյ յիշատակութեան մրցանակ՝ Հայ Կաթ. Մեսրոպեան Վարժարանի սաներէն՝ Կալի Թաթոյին

Օրերս Պէյրութի հայահոծ Պուրճ Համուտ շրջանի «Երջօ Սամուէլեան» սրահէն ներս տեղի ունեցած է «Մհեր Ջուլհաճեան» աշակերտական շարադրական մրցանքի ամէնամեայ մրցնակաբաշխութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս կը նշուի, որ վարժարանի աշակերտուհիներէն՝ Կալի Թաթոն ստացած է ՝ «Պատուոյ յիշատակութեան մրցանակ»ը։

Ստորեւ այդ մասին վարաժարանին կողմէ տարածուած հակիրճ լրատւութիւնը։

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի ուսումնական խորհուրդին, «Մհեր Ջուլհաճեան» աշակերտական շարադրական մրցանքի 20-ամեակին առիթով, 11 Ապրիլին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մրցանքին 2022-2023 տարեշրջանին մրցանակաբաշխութիւնը, նաեւ «Մհերը` ներշնչման աղբիւր» գիրքին շնորհահանդէսը։ Սոյն մրցանակաբաշխութեան պատուոյ յիշատակութեան արժանացաւ մեր աշակերտուհին Կալի Թաթօ։ 

Կը շնորհաւորենք Կալին այս առիթով եւ կը մաղթենք շատ յաջողութիւններ: