Մայրենի լեզուին եւ հայ ազգային ժառանգութեան արժեւորման նուիրուած հանդիսութեամբ մը, Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտութիւնը 21 Հոկտեմբեր 2026-ին նշեց Սրբոց Թարգմանչաց տօնը՝ յարգանքի տուրք մատուցելով հայ գիրերու ստեղծողներուն եւ վերարժեւորելով հայ լեզուի ու մշակոյթի պահպանման կարեւորութիւնը։
21 Հոկտեմբեր 2026-ին, Մեսրոպեան վարժարանը հանդիսաւորութեամբ նշեց Սրբոց Թարգմանչաց տօնը՝ արժեւորելով հայ գիրի ստեղծման պատմական նշանակութիւնը, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սուրբ Սահակ Պարթեւի մեծագործութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ լեզուի ու մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման առաքելութիւնը։
Տօնակատարութեան առիթով աշակերտութիւնը համախմբուեցաւ վարժարանի շրջափակին մէջ՝ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի յուշակոթողին առջեւ։ Ներկայ էին Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչ Հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեան, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ օգնական ժողովրդապետ Հայր Էմմանուէլ վրդ. Աբրահամեան, Բարեշնորհ Պօղոս Սարկաւագ Էմիշեան, վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ, ուսուցիչներ, անձնակազմի անդամներ եւ ծնողներ։
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց աւարտական դասարանի աշակերտուհի Մարիանա Գասապեան, որ անդրադարձաւ Սրբոց Թարգմանչաց շարժումին ազգային եւ հոգեւոր նշանակութեան՝ շեշտելով մայրենի լեզուին հանդէպ իւրաքանչիւր հայու պատասխանատուութիւնը։
Յաջորդեց աշակերտներուն պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրը, որ երգի, արտասանութեան եւ բեմական ներկայացումներու ընդմէջէն վերակենդանացուց հայ գիրի ստեղծման պատմութիւնն ու Թարգմանչաց շարժումին խորհուրդը։ Գեղարուեստական բաժինը եզրափակուեցաւ «Հայերէն երգենք» խմբային երգով։
Հանդիսութեան աւարտին իր պատգամը ուղղեց վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ։ Ան ընդգծեց, որ հայոց գիրերու գիւտը ազգային եւ մշակութային վերածնունդի մը սկիզբն էր, որ հայ ժողովուրդին տուաւ իր մայրենի լեզուով մտածելու, ստեղծագործելու եւ ինքնութիւնը պահպանելու ուժը։
Տնօրէնը յատկապէս շեշտեց, որ արագօրէն փոփոխուող աշխարհին մէջ, ուր արհեստագիտութիւնն ու արհեստական բանականութիւնը նոր հորիզոններ կը բանան, մայրենի լեզուին եւ ազգային արժէքներուն պահպանումը աւելի քան երբեք կարեւոր կը դառնայ:
Պարոն Կրէկուար Գալուստ կոչ ուղղեց մեսրոպեանականներուն՝ չբաւարարուելու միայն իրենց փոխանցուած ժառանգութիւնը պահպանելով, այլ զայն հարստացնելու սեփական գիտելիքներով, գաղափարներով եւ ստեղծագործութեամբ։ Ան դիտել տուաւ, որ Սուրբ Թարգմանիչներն ալ իրենց ժամանակի մեծ նորարարներն էին, որոնք համարձակութիւնը ունեցան իրենց ժողովուրդին առջեւ բանալու գիտելիքի եւ իմաստութեան նոր դռներ։
Տնօրէնը իր պատգամը եզրափակեց հայերէնը սիրելու, խօսելու, կարդալու եւ հայ ինքնութեամբ հպարտանալու յորդորով՝ շեշտելով, որ հայ ժողովուրդին ապագան նաեւ երիտասարդ սերունդին ձեռքերուն մէջ է։
.jpeg)
.jpeg)
.jpeg)