Բրիտանիոյ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար կոմիտէի նախագահ Կրեհեմ Պրէյտին ըսած է, որ Երկուշաբթի երեկոյեան վարչապետ Պորիս Ճոնսընին անվստահութեան քուէ յայտնելու հարցով քուերակութիւն պիտի կատարուի:
«Պահպանողական կուսակցութեան առաջնորդին անվստահութեան քուէի կայացման համար կուսակցութեան մէջ 15 տոկոսի շեմը յաղթահարուածլ է... Քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր ժամը 18:00-20:00 (տեղական ժամանակով)», կ'ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Ճոնսընի հրաժարականի պատճառը կրնայ ըլլալ աղմկայարոյց գայթակղութիւնը` կապուած երկրին մէջ համավարակի շրջանին կոշտ արգելափակումներու եւ սահմանափակումներու պայմաններուն մէջ վարչապետի նստավայրին մէջ կազմակերպուած խնճոյքներու:
Ճոնսըն կը մերժէ հեռանալ վարչապետի պաշտօնէն` պատճառաբանելով, որ բրիտանական կառավարութիւնը լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնած է: BBC-ի աղբիւրները կը նշեն, որ Ճոնսընի հրաժարականին համար անհրաժեշտ 180 ձայնը դժուար թէ ապահովուի: Անվստահութիւն յայտնելու պարագային ան կը մնայ վարչապետի պաշտօնին այնքան ժամանակ, քանի դեռ չէ ընտրուած կուսակցութեան նոր ղեկավար: