Չորեքշաբթի՝ 28 սեպտեմբերին, Պաղտատի մէջ ցուցարարներու հետ բախումներու ընթացքին իրաքեան անվտանգութեան ուժերու աւելի քան 100 անդամ վիրաւորուած է։ Այս մասին յայտնած է Իրաքի անվտանգութեան տնօրինութեան մամուլի ծառայութիւնը։
«Այսօր մայրաքաղաքին մէջ ցուցարարներու եւ ուժայիններու միջեւ տեղի ունեցած բախումներու հետեւանքով վիրաւորուած են չորս սպայ եւ անվտանգութեան ուժերիու 118 անդամ»,-ըսուած է մամուլի ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ, որ մէջբերած է իրաքեան INA գործակալութիւնը։ Անվտանգութեան վարչութիւնը նաեւ նշած է, որ Իրաքի մայրաքաղաքին մէջ ոստիկանութեան հետ բախումներու հետեւանքով տուժած է նաեւ 11 խաղաղ բնակիչ։
Իրաքի անվտանգութեան ղեկավարութիւնը ցոյցերու մասնակիցներուն կոչ ըրած է հաւատարիմ մնալու ելոյթներու խաղաղ բնոյթին եւ հետեւելու ոստիկանութեան ցուցումներուն նման գործողութիւններու համար նախատեսուած վայրերու վերաբերեալ։
Չորեքշաբթի օր «կանաչ գօտին», որ կը գտնուի Պաղտատի կեդրոնին մէջ, երկու անգամ հրթիռակոծուած է։ Ինչպէս աւելի վաղ յայտնած էր ԹԱՍՍ-ը, առաջին պարագային ռմբակոծութեան հետեւանքով տուժած էր եօթ մարդ, այդ շարքին՝ մէկ սպայ եւ ուժայիններու երկու անդամ։