Ամերիկեան զօրքերը որոշ ժամանակ պիտի մնան Պարսից ծոցի տարածաշրջանին մէջ գտնուող իրենց դիրքերուն վրայ։ Այս մասին Յունիս 18-ին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ։
«Հաւանաբար՝ որոշ ժամանակով։ Ասիկա լաւ վայր է մնալու համար։ Հարցը այն էր, թէ որքան ժամանակով պիտի պահենք զինուած ուժերը Պարսից ծոցին մէջ։ Ես կ՚ըսէի՝ կարճ ժամանակով»,– ըսած է Թրամփ։
Միեւնոյն ժամանակ ան յոյս յայտնած է ապագային բարենպաստ զարգացումներու վերաբերեալ։
«Տեսնենք, թէ ինչպէս պիտի ընթանան իրադարձութիւնները։ Կը կարծեմ, որ ամէն ինչ լաւ պիտի ընթանայ, բայց սպասենք ու տեսնենք»,– աւելցուցած է Թրամփ։
Անդրադառնալով Իրանի պալիսթիք հրթիռներ ունեանալու հանգամանքին, Թրամփ նշած է, որ անարդար պիտի ըլլար Իրանէն պահանջել, որ պալիսթիք հրթիռներ չունենայ։