Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը չէ մեկնաբանած, թէ երբ եւ ինչ հիմնաւորմամբ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանը Հայաստանի համար ճանչցուած է անցանկալի անձ։ NEWS.am-ի գրաւոր հարցմանն ի պատասխան՝ ԱԱԾ-էն յայտնած են, որ հայցուող տեղեկութիւնը կը խախտէ Մուրատ Փափազեանի անձնական կեանքի գաղտնիութիւնը, հետեւաբար այն չի կրնար տրամադրուիլ։
Հարցին, թէ կա՞ն այլ սփիւռքահայ գործիչներ, որոնք եւս Հայաստանի համար ճանչցուած են անցանկալի անձ, ԱԱԾ-ն եւս չէ պատասխանած՝ նշելով, որ այդ մասին հաշուառում չէ իրականացուած։
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանն ընտանիքի հետ 14 յուլիսին ժամանած էր Հայաստան, սակայն «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ԱԱԾ աշխատակիցներն արգիլած էին Փափազեանի մուտքը Հայաստան՝ պատճառաբանելով, թէ ինք անցանկալի անձ է Հայաստանի համար։ Մուրատ Փափազեանը ստիպուած եղած է ընտանիքի հետ վերադառնալ Ֆրանսա։