Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, Ֆրանսա գտնուած օրերուն այցելած էր Սեւրի Սամուէլ Մուրատ հայկական վարժարան, ուր հանդիպումներ ունեցած էր վարժարանի նորանշանակ խորհուրդի անդամներուն եւ Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ թեմի հոգեւորականներուն հետ։ Նոյն օրը ան մասնակցած էր նաեւ Լը Փլեսի-Ռոպենսոնի մէջ կայացած «Հայաստանի օր» մշակութային տօնավաճառին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան որ այս օրերուն Ֆրանսա կը գտնուի, 13 Սեպտեմբերին այցելեց Սեւրի պատմական Սամուէլ Մուրատ հայկական վարժարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հաստատութեան նոր նշանակուած խորհուրդի անդամներուն, Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Գերապայծառ Տ. Եղիա Եպս. Եղիայեանին եւ հոգեւորականներուն հետ։
Ս. Խաչ կաթողիկէ եկեղեցւոյ 2026ի վերանորոգութեան գլխաւոր բարերար Արա Ահարոնեանի հետ եւս զրոյց մը կայացաւ։ Քննարկուեցան Սամուէլ Մուրատ վարժարանը պահպանելու ուղղութեամբ աշխատանքներն ու ապագայ ծրագիրներու կարելիութիւնները։ Սինանեան նաեւ մասնակցեցաւ վարժարանի բակին մէջ մատուցուած բացօթեայ Ս. Պատարագին եւ շրջեցաւ հաստատութեան ու Մշակութային կեդրոնի տարածքին մէջ։
Նոյն օրը ան Լը Փլեսի-Ռոպենսոնի մէջ մասնակցեցաւ «Հայաստանի օր» մշակութային տօնավաճառին, որ կազմակերպուած էր քաղաքապետարանի կողմէ։ Հարիւրաւոր այցելուներու մասնակցութեամբ ձեռնարկին ներկայացուեցան հայկական արտադրանք, ազգային խոհանոց, ձեռագործ աշխատանքներ եւ մշակութային նախաձեռնութիւններ։ Միջոցառման ներկայ էին նաեւ տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ։