image

Մոսկուան դէմ է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ հապճեպ փաստաթուղթերուն. Կալուզին

Մոսկուան դէմ է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ հապճեպ փաստաթուղթերուն. Կալուզին

Մենք կ՚ողջունենք այն առաջընթացը, որուն հասած են Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը խաղաղութեան պայմանագրի կնքման եւ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։ Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը։

Հայաստանն ու Ատրպէյճանն անուանելով Ռուսիոյ դաշնակից երկիրներ՝ Կալուզինը նշած է, որ Ռուսիան կողմնակից է, որ հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերը մշակեն խաղաղութեան պայմանագիր, որ ճանապարհ կը հարթէ յարաբերութիւններու կայուն, երկարաժամկէտ կարգաւորման համար եւ «ական» չի դներ ապագայ սերունդներու համար։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարի խօսքով՝ իրենք միշտ պատրաստ են առաջ շարժելու եւ դէմ են որեւէ հապճեպ փաստաթուղթերու կնքման, ինչպէս կը պնդէ Արեւմուտքը, որ, ըստ Կալուզինի, իսկապէս կ՚ուզէ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը մղել հնարաւորինս շուտ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու արեւմտեան որեւէ հարթակի վրայ։

«Նման հապճեպ, չմտածուած եւ ամբողջութեամբ չստուգուած որոշումները կրնան յանգեցնել ոչ թէ երկարաժամկէտ կայուն խաղաղութեան, այլ, ընդհակառակը, ապագայի համար առճակատման որոշակի սերմեր դնել, որ, ի հարկէ, ծայրայեղ անցանկալի կը համարենք թէ՛ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի, թէ՛ Հարաւային Կովկասի, թէ՛ Ռուսիոյ համար»,-ըսած է Կալուզինը։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը արձանագրած է, որ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետներու գլխաւորած եռակողմ խումբի աշխատանքը՝ ուղղուած փոխադրային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եւ տնտեսական կապերու վերականգնման, այժմ, այսպէս ըսած, ընդհատուած եւ սառեցուած է։

«Անշուշտ, մենք կոչ կ՚ընենք կողմերուն եւ, առաջին հերթին, մեր հայ ընկերներուն վերադառնալու աշխատանքի այս խումբի շրջանակներ։ Ռուսական կողմը միշտ պատրաստ է որեւէ հնարաւոր օգնութիւն ցուցաբերելու կողմերուն, եթէ անոնք այդ կը ցանկան»,-եզրափակած է Կալուզինը։