Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդութեան պաշտօնական էջէն «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Գամիշլիի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ Խաչվերացի տօնի առիթով տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութիւններուն։
Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2026-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին նշեց իր հինգ մեծ Տաղաւար տօներէն վերջինը՝ Վերացման Սուրբ Խաչի տօնը։
Գամիշլիի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ, մեծ շուքով եւ հանդիսաւոր կերպով մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ նախագահութեամբ Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի։
Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նորաօծ միաբան Հոգշ. Տ. Հրայր Աբղ. Պայտունեանը։
Քարոզէն առաջ, Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդին գլխաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ Արժն. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, տեղի ունեցաւ Ս. Խաչի յատուկ արարողակարգը։
Հայր Սուրբը իր քարոզին ընթացքին փոխանցեց Ս. Խաչի խորհուրդը՝ հաւատացեալներուն յայտնելով, թէ Խաչը քրիստոնէական հաւատքի, Քրիստոսի զոհագործութեան, փրկութեան եւ յաւիտենական յոյսի նշանն է։
Այնուհետեւ, Պատարագի աւարտին, Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ դպրաց դասի առաջնորդութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբի նուագի հնչիւններուն ներքեւ, Կիրակնօրեայ վարժարանի սաները՝ բարձրացեալ խաչերով, իսկ հաւատացեալները՝ թափօրով, ուղղուեցան դէպի նորակառոյց եկեղեցւոյ խաչմերուկը։
Հոն զետեղուած էր ծաղկազարդ եւ ռեհանազարդ Ս. Խաչը, ուր կատարուեցաւ Անդաստանի արարողութիւնը եւ օրհնուեցաւ ռեհանը։
Տօնական օրուան արարողութիւնները աւարտեցան շնորհաշատ եւ հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտի մէջ, ուր հաւատացեալները խոնարհ սրտով անգամ մը եւս վերահաստատեցին իրենց հաւատքը։







