image

Պոլսոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ՝ հաւատքի, աղօթքի եւ հոգեւոր հաղորդակցութեան օր

Պոլսոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ՝ հաւատքի, աղօթքի եւ հոգեւոր հաղորդակցութեան օր

Իսթանպուլի Կետիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին, օրերս, հիւրընկալեց հոգեւոր հարուստ հաղորդակցութեամբ մը յատկանշուող պաշտամունքներ, որոնց ընթացքին շեշտուեցաւ հաւատքի մէջ հաստատ մնալու, Աստուծոյ Խօսքին կառչած մնալու եւ եկեղեցական ծառայութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը։ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի եւ Աթէնքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ Վեր. Վիգէն Չոլաքեանի ներկայութիւնը առիթ հանդիսացաւ նաեւ վերանորոգելու հայ աւետարանական համայնքներու միջեւ հոգեւոր կապը։

Օրուան պաշտամունքը առանձնայատուկ նշանակութիւն ստացաւ նաեւ այն հանգամանքով, որ Կետիկփաշայի եկեղեցւոյ մէջ հնչեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ պատմական ժառանգութեան մասին խօսք մը՝ յիշեցնելով, որ 1846-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ սկիզբ առած այս շարժումը այսօր կը շարունակէ իր վկայութեան եւ ծառայութեան ճանապարհը։ Այս տարի նշուող 180-ամեակը դարձաւ անցեալի ժառանգութիւնը արժեւորելու եւ ներկայի առաքելութիւնը նորոգելու խորհրդանշական առիթ մը։

Ստորեւ այդ մասին  Սուրիոյ Հայ Աւետարնական Փեթել  եկեղեցւոյ պաշտօնական էջին տարածած հաղորդագրութիւնը՝

Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր 2026-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան եւ Յունաստանի Աթէնքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ Վեր. Վիգէն Չոլաքեան մասնակցեցան Իսթանպուլի Կետիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ առաւօտեան պաշտամունքին։ Վեր.

Դոկտ. Սելիմեան քարոզեց Յայտնութիւն 3․7–13 հատուածին վրայ հիմնուած՝ «Դուռը դեռ բաց է» նիւթով։ Անդրադառնալով Ֆիլատելֆիոյ եկեղեցւոյ ուղղուած ՏԷր Յիսուս Քրիստոսի պատգամին՝ ան ընդգծեց, որ ՏԷր Յիսուս Քրիստոս կը ճանչնայ եւ կը զօրացնէ Իր եկեղեցւոյ հաւատարիմ ծառայութիւնը, նոյնիսկ երբ անոր կարելիութիւնները սահմանափակ են։ Բաց դուռը կ՚արտայայտէ Քրիստոսի իշխանութիւնը եւ Աստուծոյ արքայութեան պատկանելու վստահութիւնը՝ միաժամանակ եկեղեցին հրաւիրելով օգտուելու վկայութեան ու ծառայութեան առիթներէն։ Ան քաջալերեց ներկաները՝ ամուր կառչելու Աստուծոյ Խօսքին եւ յարատեւութեամբ ու յոյսով առաջ ընթանալու։Վեր. Վիգէն 

Չոլաքեան իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց եւ քաջալերեց եկեղեցւոյ անդամները՝ հաւատքի մէջ յարատեւելու եւ իրենց քրիստոնէական վկայութեան մէջ հաստատ մնալու։Եկեղեցւոյ հովիւ Վեր. Գրիգոր Աղապալօղլու առաջնորդեց աղօթքի բաժինը եւ մատակարարեց Սուրբ Հաղորդութիւնը՝ ժողովուրդը միաւորելով Տէրոջ Սեղանին շուրջ՝ երախտագիտութեան եւ հոգեւոր հաղորդակցութեան մէջ։ Առաւօտեան պաշտամունքէն ետք, Վեր. Դոկտ. Սելիմեան նոյն եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի հայերուն համար կազմակերպուած երկրորդ պաշտամունքին։ Ան Աստուծոյ Խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, քաջալերեց զանոնք հաւատքի մէջ զօրանալու եւ իրենց եկեղեցական հաղորդակցութիւնը շարունակելու։ Իր քարոզին եւ յաջորդող խօսքին մէջ Վեր. Դոկտ. Սելիմեան անդրադարձաւ նաեւ 1846-ին Կոստանթնուպոլսոյ մէջ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ այս տարի նշուող անոր 180-ամեակին։ Այն քաղաքին մէջ պաշտամունք ունենալը, ուր սկիզբ առած է այս հոգեւոր ժառանգութիւնը, դարձաւ անցեալի հաւատաւոր վկայութիւնը արժեւորելու եւ այսօրուան եկեղեցւոյ ծառայութեան կոչումը՝ վստահութեամբ,սիրով ու յոյսով վերանորոգելու նշանակալից առիթ։