Իրանը յոյս ունի, որ ռուսական կազի մատակարարումները Ատրպէյճանի տարածքով պիտի կարենան սկսիլ մօտ ապագային, «Կազփրոմի» հետ կապուած գրեթէ բոլոր հարցերն արդէն լուծուած են։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ մէջ Իրանի դեսպան Քազեմ Ճալալին։
«Մենք յոյս ունինք, որ այդ տեղի պիտի ունենայ մօտ ապագային։ Մենք այժմ բանակցութիւններ կը վարենք «Կազփրոմի» հետ, եւ գրեթէ բոլոր հարցերն արդէն լուծուած են։ Սակայն մենք պէտք է ընդհանուր լեզու գտնենք գինի վերաբերեալ։ Եթէ այս հարցը նոյնպէս լուծուի, ապա ամէն ինչ պիտի գործարկուի», – նշած է ան։
Աւելի վաղ Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարար Սերկէյ Ցիւիլեւը Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 18-րդ նիստի ժամանակ յայտարարած էր, որ ռուսական կազի առաջին մատակարարումները Ատրպէյճանի տարածքով գործող ենթակառուցուածքներու միջոցով պիտի սկսին 2025-ին՝ տարեկան 1,8 միլիառ խորանարդ մեթր ծաւալով։