image

Էլիզապէթ Աճելեանի մահը. Գանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան ցաւակցական խօսքը

Էլիզապէթ Աճելեանի մահը. Գանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան ցաւակցական խօսքը

Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը խոր ցաւով կը հաղորդէ տիկին Էլիզապէթ Աճելեանի մահուան մասին։

Տիկին Աճելեան Օթթաուայի հայ համայնքի նուիրեալ եւ սիրուած անդամներէն էր, ինչպէս նաեւ դեսպանութեան թանկագին բարեկամը։ Անոր ջերմութիւնը, հոգատարութիւնն ու անկեղծ բարեկամութիւնը միշտ պիտի մնան մեր յիշողութեան մէջ։

Դեսպանութիւնը երախտագիտութեամբ կ՚ոգեկոչէ նաեւ տէր եւ տիկին Աճելեաններուն կարեւոր ներդրումը՝ Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հիմնադրման գործին մէջ։ Անոնց աջակցութիւնն ու նուիրումը Հայաստանի հանդէպ խոր սիրոյ եւ հայրենասիրութեան վառ արտայայտութիւններն էին։

Դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի եւ դեսպանութեան ամբողջ անձնակազմին անունով, խորազգաց ցաւակցութիւններ կը յայտնուին Աճելեան ընտանիքին, հարազատներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ճանչցած, սիրած եւ այսօր կը սգան տիկին Էլիզաբէթի կորուստը։

Այս դժուարին պահուն դեսպանութիւնը կը բաժնէ ընտանիքին վիշտը՝ մաղթելով անոր անդամներուն ուժ եւ տոկունութիւն։

Լոյս եւ խաղաղութիւն անոր հոգւոյն։