image

Միջուկային պատերազմի հեռանկարը վերադարձած է «հնարաւորութեան տիրոյթ»․ Կութերեշ

Միջուկային պատերազմի հեռանկարը վերադարձած է «հնարաւորութեան տիրոյթ»․ Կութերեշ

Միջուկային հակամարտութեան հեռանկարը, որ ժամանակ մը աներեւակայելի կը թուէր, այժմ դարձեալ վերադարձած է «հնարաւորութեան տիրոյթ», ըսած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ:

Ան կոչ ըրած է ապահովելու Ուքրանիոյ միջուկային կառոյցներու անվտանգութիւնն ու պաշտպանուածութիւնը, եւ յոյս յայտնած է, որ Քիեւն ու Մոսկուան կը կանգնին «դիւանագիտութեան ու խաղաղութեան ճանապարհին»:

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին յայտնած է, որ ուքրանական պատուիրակութեան խնդիրը Մոսկուայի հետ բանակցութիւններուն ռուս պաշտօնակիցին հետ հանդիպման համաձայնութիւն ձեռք բերելն է: 

Ան նաեւ նշած է, որ Քիեւի նպատակը անվտանգութեան երաշխիքներ ստանալն է: