Իրան պիտի ընդլայնէ պատերազմի աշխարհագրութիւնը, եթէ Միացեալ Նահանգները տարածաշրջանին մէջ նոր արկածախնդրութեան դիմէ։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի զինուած ուժերու պաշտօնական ներկայացուցիչ Մոհամմատ Աքրամինիան։
«Եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահը, սիոնիստները իր կողմը քաշելով, դարձեալ տարածաշրջանին մէջ նոր արկածախնդրութեան դիմէ, ապա պատերազմի բոցը անկասկած պիտի ընդգրկէ աւելի լայն աշխարհագրութիւն, եւ պատերազմի աւարտը անոր ձեռքը պիտի չըլլայ», գրած է ան։
Ինչպէս նշած է Աքրամինիան, նկատի ունենալով ամերիկացի նախագահին «սեւ անցեալը»՝ դիւանագիտութեան դաւաճանելու հարցով, Իրանի բանակը, չվստահելով հակառակորդին գործողութիւններուն եւ անոնց ուշադրութիւն չդարձնելով, շարունակաբար կը բարձրացնէ իր մարտական պատրաստուածութեան մակարդակը։
Ան աւելցուցած է, որ զինուորականները ուշադիր կը հետեւին տարածաշրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու գործողութիւններուն։