image

Միջանցքի հարցով ԱՄՆ մտահոգ

Միջանցքի հարցով ԱՄՆ մտահոգ

Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտի տեղադրումը կը խաթարէ խաղաղ գործընթացի նկատմամբ վստահութեան հաստատման ջանքերը: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան գլխաւոր փոխխօսնակ Վետանթ Փաթելը:

«Միացեալ Նահանգները խորապէս մտահոգուած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտի տեղադրումը կը խաթարէ խաղաղ գործընթացի նկատմամբ վստահութեան հաստատման ջանքերը: Կրկին կը յայտարարենք, որ Լաչինի միջանցքին մէջ պէտք է ըլլայ մարդոց եւ առեւտրային բեռներու ազատ եւ բաց տեղաշարժ, եւ կոչ կ'ընենք կողմերուն վերսկսելու խաղաղ բանակցութիւնները եւ զերծ մնալու սահմանի երկայնքով սադրանքներէ եւ թշնամական գործողութիւններէ»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ: