image

ՄԻԵԴ-ը Պաքուէն տեղեկութիւն ստացած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Ռաշիտ Բեգլարեանի մասին

ՄԻԵԴ-ը Պաքուէն տեղեկութիւն ստացած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Ռաշիտ Բեգլարեանի մասին

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) Ատրպէյճանի կողմէ առեւանգուած Ռաշիտ Բեգլարեանի մասին տեղեկութիւններ փոխանցած է հայկական կողմին։

Այս մասին տեղեկացուցած է Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի խօսնակ Յասմիկ Սամուէլեան։

Վերջինի հաղորդմամբ՝ մինչեւ 17 օգոստոսը ժամկէտ ունին առարկութիւններ եւ դիրքորոշում յայտնելու:

«Տեղեկութիւնները փոխանցուել են հարազատներին: Քրէական յօդուածը սահմանն ապօրինի հատելու մասով է», - աւելցուցած է Սամուէլեան։

Յիշեցնենք, որ Ռաշիտ Բեգլարեան մոլորուած է եւ յայտնուած Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Արցախի մէկ մասը, առեւանգուած է եւ ձերբակալուած ատրպէյճանցի զինուորականներու կողմէ։