image

Մեծ Բրիտանիան Ատրպէյճանի մէջ առաջին անգամ մշտական ռազմական կցորդ նշանակած է

Մեծ Բրիտանիան Ատրպէյճանի մէջ առաջին անգամ մշտական ռազմական կցորդ նշանակած է

Կեւին Թարպարտ նշանակուած է Ատրպէյճանի մէջ Մեծ Բրիտանիոյ առաջին մշտական ​​ռազմական կցորդ։

«Ուրախ ենք յայտարարելու փոխհրամանատար Կեւին Թարպարտի ժամանումը՝ որպէս Մեծ Բրիտանիոյ առաջին մշտական ​​ռազմական կցորդը Ատրպէյճանի մէջ։ Այս պատմական քայլը կ՚արտացոլէ Միացեալ Թագաւորութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ գործընկերութեան ամրապնդումը եւ կը նպաստէ պաշտպանութեան ու անվտանգութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան զարգացման»,- նշուած է Բրիտանական դեսպանատան X ընկերային ցանցին մէջ տարածուած հաղորդագրութեան մէջ։