Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտես անդրադարձած է Լաչինի միջանցքին տեղակայուած անօրինական անցակէտին Ատրպէյճանի կողմէ արցախցի երեք երիտասարդներու առեւանգման։
Ծերակուտականը յանձնաժողովի X (նախապէս՝ Թուիթըր) ընկերային հարթակի էջին այդ որակած է որպէս «զազրելի պահուածք»։
«Խորապէս անհանգստացած ենք, որ Ատրպէյճան շարունակէ իր զազրելի պահուածքը, որ ուղղուած է Լեռնային Ղարաբաղի հայերը վախցնելուն, մարդասիրական օգնութեան մուտքի արգելքին եւ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի կարեւորագոյն գործունէութիւնը խաթարելուն: Սա անընդունելի է», - գրուած է Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնաժողովի էջին։