«Արցախ Միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Արտակ Բեգլարեան այսօր Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն հասցէագրուած նամակները յանձնած է Հայաստանի կառավարութեան՝ խնդրելով ձեռնարկել բոլոր հնարաւոր միջոցները՝ զանոնք Ատրպէյճանի մէջ գերութեան մէջ գտնուող բոլոր հայերուն փոխանցելու համար։
Նամակները ուղղուած են Պաքուի մէջ պահուող 19 գերիներու եւ ուղարկուած են աշխարհի տարբեր երկիրներէ։ Անոնք զօրակցութեան եւ աջակցութեան նամակներ են։ Գերիներուն նամակներ գրելու կոչով հանդէս եկած էր Պաքուի մէջ պահուող բարերար եւ մարդասէր Ռուբէն Վարդանեանի կինը՝ Վերոնիքա Զոնապենտ։ Ան աւելի վաղ յայտարարած էր Պաքու կանանց միջազգային մարդասիրական պատուիրակութեան այցելութիւն կազմակերպելու նախաձեռնութեան մասին՝ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ բանտարկեալներուն այցելելու, անոնց նամակներ, լուսանկարներ եւ թոյլատրելի անձնական իրեր փոխանցելու համար։
«Երկարատեւ կալանքի տակ գտնուող մարդկանց համար նման նախաձեռնութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի։ Խօսքը մարդու հիմնարար իրաւունքի մասին է՝ իմանալ, թէ ինչ է տեղի ունենում իրենց հարազատների հետ, նրանց աջակցութեան խօսքեր փոխանցելու հնարաւորութիւն ունենալ եւ համոզուել, որ իրենք մոռացուած չեն»,- յայտարարած էր տիկին Զոնապենտը։
Նախաձեռնութեան իրականացման աջակցելու խնդրանքով Վերոնիքա Զոնապենտ դիմած էր Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Սապինա Ալիեւային։ Ատրպէյճանական կողմէն անոր դիմումին որեւէ պաշտօնական արձագանգ չէ եղած, իսկ Հայաստանի կառավարութիւնը եւս տակաւին յստակ պատասխան չէ տուած։
«Արկղը, որը յանձնելու ենք, պարունակում է 1254 նամակ՝ ուղղուած բոլոր հայ գերիներին: Այս նամակները հաւաքուել են Ռուբէն Վարդանեանի կնոջ՝ տիկին Վերոնիկա Զոնաբենդի նախաձեռնութեան շրջանակում: Քանի որ Ադրբեջանը որեւէ կերպ չի արձագանգել տիկին Զոնաբենդի դիմումին, իսկ Հայաստանի կառավարութիւնից որեւէ գործնական պատշաճ աջակցութիւն չի ցուցաբերուել, ինչի արդիւնքում նախաձեռնութիւնը կեանքի չի կոչւում, «Արցախ Միութիւնը», ստանալով տիկին Զոնաբենդի համաձայնութիւնը, որոշեց այս նամակները յանձնել Հայաստանի կառավարութեանը՝ նամակների փոխանցումը հասցէատէրերին ապահովելու համար, քանի որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը սահմանադրական պարտաւորութիւն ունի պաշտպանելու հայերի եւ ՀՀ քաղաքացիների այդ թւում՝ բոլոր գերիների իրաւունքները եւ ապահովելու նրանց վերադարձը»,-ըսած է Արտակ Բեգլարեանը։
Ան նամակները եւ կից հանրագիրը պաշտօնապէս փոխանցած է ՀՀ կառավարութեան: