image

Հայ Աւետարանական եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներու եղբայրական հանդիպումը Պոլսոյ մէջ

Հայ  Աւետարանական եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներու եղբայրական հանդիպումը Պոլսոյ մէջ

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան ներկայացուցիչները 5 Հոկտեմբեր 2026-ին եղբայրական այցելութիւն մը տուին Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարան։ Հանդիպման ընթացքին ընդգծուեցաւ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն միջեւ երկարամեայ գործակցութեան շարունակականութեան եւ եկեղեցիներու համատեղ վկայութեան կարեւորութիւնը։

5 Հոկտեմբեր 2026-ին, Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան եւ Յունաստանի Աթէնքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վեր. Վիգէն Չոլաքեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան անունով այցելեցին Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարան։ Զիրենք ջերմօրէն ընդունեց Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի պատրիարքական կառավարիչ եւ հոգեւոր առաջնորդ՝ Գերապայծառ Տէր Վարդան Կիրակոս Գազանճեան։ Պատուիրակութեան կ՚ընկերանային Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վեր. Գրիգոր Աղապալօղլու եւ եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ՝ Արեք Էիզպոյար։

Վեր. Դոկտ. Սելիմեան փոխանցեց Միութեան նախագահին եւ Կեդրոնական Վարչութեան եղբայրական ողջոյնները։ Ան ընդգծեց Հայ Աւետարանական եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներուն երկարամեայ գործակցութիւնը, տարբեր երկիրներու մէջ անոնց համատեղ նախաձեռնութիւնները եւ Քրիստոսի մասին ընդհանուր վկայութիւնը՝ որպէս Անոր մարմինին անդամներ։

Անդրադառնալով այսօրուան մարտահրաւէրներուն եւ սփիւռքահայ համայնքներուն փոխուող պայմաններուն՝ ան շեշտեց Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներուն միասնութիւնը ամրապնդելու հրատապ պատասխանատուութիւնը՝ փոխադարձ աջակցութեամբ եւ գործնականհամագործակցութեամբ։ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեամբ իրենց կոչումին հաւատարիմ մնալը կ՚արտայայտուի կրթութեան, հոգեւոր խնամքի եւ ամբողջ հասարակութեան մատուցուող ծառայութեան ընդմէջէն։

Գերապայծառ Տէր Վարդան Կիրակոս իր ուրախութիւնը յայտնեց պատուիրակութիւնը ընդունելուն համար՝ այցելութիւնը բնութագրելով որպէս պատիւ եւ օրհնութիւն։ Եղբայրական ջերմ արտայայտութեամբ՝ ան Աւետարանին հանդէպ իր սիրոյն կողքին ընդգծեց նաեւ հայ աւետարանականներուն հանդէպ իր սէրը։

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հայ դպրոցներուն դերին՝ հաւատքը, լեզուն եւ ինքնութիւնը պահպանման առաքելութեան, ինչպէս նաեւ համայնքներուն ներդրումին՝ իրենց ապրած երկիրներու կեանքին մէջ։ Վեր. Դոկտ. Սելիմեան արտայայտեց իր երախտագիտութիւնը Սուրիոյ հանդէպ եւ ընդգծեց քրիստոնէական համայնքին ծառայութիւնը ամբողջ հասարակութեան։ Իր կարգին, Գերապայծառը գնահատանքով անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ իրենց համայնքին վայելած բարի կամեցողութեան։

Հանդիպումէն ետք, Գերապայծառ Տէր Վարդան Կիրակոս պատուիրակութեան առաջնորդեց Առաջնորդարանին կից Սուրբ Աստուածածին Մայր Տաճարը, ուր կատարուեցաւ կարճ աղօթք։ Այցելուները ծանօթացան Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ երկարամեայ քրիստոնէական վկայութեան եւ անոր հաստատութիւններու ժառանգութեան։ Այցելութիւնը եզրափակուեցաւ եղբայրութեան եւ փոխադարձ քաջալերանքի մթնոլորտի մէջ՝ կապերը ամրապնդելու եւ համատեղ ծառայութեան նոր առիթներ զարգացնելու շեշտադրումով։