image

Մարթա Պաթմասեանի պարգեւատրումը. Ներկայ եղած է Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեան

 Մարթա Պաթմասեանի պարգեւատրումը. Ներկայ եղած է  Թեմակալ  Առաջնորդ  Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեան

23 Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի «Փիէռ» հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ  «Խիղճի կոչ» (Appeal of Conscience Foundation) հիմնադրամի տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը:

Սոյն միջոցառման ներկայ էր նաեւ  Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ եպս. Պարսամեանը եւ այս առթիւ կատարած է գրառում մը, զոր կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն:

 

23 Սեպտեմբերին, «Խիղճի կոչ» (Appeal of Conscience Foundation) հիմնադրամը, իր 59-րդ տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը կատարեց Նիւ Եորքի «Փիէռ» հիւրանոցին մէջ: Ծրագիրը, որուն կը մասնակցէին կրօնական, քաղաքացիական, գործարար եւ դիւանագիտական ոլորտներու առաջնորդներ, պարզուեցաւ, որ հայկական մեծ գործառնութիւն է:

Այս տարուան հեղինակաւոր «Խիղճի կոչ» մրցանակը շնորհուած է երկու անձերու՝ Ամերիկայի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Էլփիտոֆորոս Արքեպիսկոպոսին, որ եղած է հայ եկեղեցւոյ եւ համայնքի մեծ բարեկամն ու աջակիցը եւ գործարար եւ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի բարեկամ՝ Մարթա Պաթմասեանին, որ ամուսնոյն՝ Ճէյմզի հետ, մարդասիրական ջանքերով նպաստած են  հայկական զանազան ծրագիրներու, հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ:

Թեմակալ Առաջնորդ՝ Մեսրոպ եպիսկոպոս Պարսամեան մաղթանքով եւ աղօթքով հանդէս եկաւ, իսկ նախկին Առաջնորդ՝ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան, որ «Խիղճի կանչ» հիմնադրամի փոխնախագահն է, շնորհակալական խօսքով ներկայացուց մեծարեալ տիկին Պաթմասեանը։

 

Նիւ Եորքի մէջ գտնուող «Խիղճի կոչ հիմնադրամ» մարդասիրական կազմակերպութիւնը՝ ամբողջ աշխարհի մէջ հանդէս եկած է մարդու իրաւունքներու եւ կրօնական ազատութեան որպէս պաշտպան:

Արեւելեան Թեմը երկար ժամանակ աշխուժ ղեկավար դեր ունեցած է այս կազմակերպութեան մէջ: Հիմնադրամի հիմնադիր եւ երկարամեայ նախագահ՝ Ռապպի Արթուր Շնայըրը, 1960-ականներէն ի վեր եղած է Արեւելեան Թեմին եւ անոր առաջնորդներուն բարեկամն ու մտերիմը: