Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան ուժերու ներկայացուցիչ Էտուարտ Պասուրին յայտարարած է ռազմավարական նշանակութեան Մարիոփոլ քաղաքի պաշարման մասին, որ կը գտնուի Տոնեցքի մարզին մէջ` Ազովի ծովի ափին:
«Պէտք է ամէն ջանք գործադրել այնտեղ գտնուող մարդիկը վնասէ զերծ պահելու համար», ըսած է Պասուրին` յոյս յայտնելով, որ «քաղաքացիական բնակիչները այսօր կը սկսեն հեռանալ Մարիոփոլէն»:
Աւելի վաղ Տոնեքկի ուժերու ներկայացուցիչը հաստատած էր, որ ռուսական բանակը Տոնեցքի ուժերու հետ համագործակցութեամբ երկու մարդասիրական միջանցք կազմակերպած է որպէսզի քաղաքի բնակիչներու հեռանան:
Այս յայտարարութիւնը հնչած է այն բանից ետք, երբ ՌԴուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ ուքրանական ստորաբաժանումներու ժամանումը Ազովի ծովի ափեր ամբողջութեամբ դադրեցուած է, նշելով որ Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան ուժերու ճակատային ջոկատները յառաջ շարժած են դէպի սահման: