image

Գտած եւ ձերբակալած են «Պաշարուած Լենինկրատի երեխաների» յուշարձանը պղծողը

Գտած եւ  ձերբակալած են «Պաշարուած Լենինկրատի երեխաների» յուշարձանը պղծողը

Shamshyan.com-ի տեղեկութիւններով ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժնի քրէական հետախուզութեան եւ համայնքային ոստիկանութեան բաժանմունքներու ծառայողները՝ բաժնի պետ Ռուբէն Ներսիսեանի գլխաւորութեամբ ձեռնարկելով անհրաժեշտ հետախուզական միջոցառումներ պարզած են Երեւանի մէջ Լենինկրատի պաշարման ժամանակ զոհուած երեխաներու յիշտակին նուիրուած յուշակոթողի նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունք ցուցաբերած քաղաքացիի ինքնութիւնը։

Արաբկիրի ոստիկանները պարզած են, որ ան Երեւանի բնակիչ 46-ամեայ Սամուէլ Շիրինեանն է, որ կը փորձէ լքել ՀՀ սահմանը։

31 յունուարի առաւօտեան ժամը 06։00-ի սահմաններուն «Բագրատաշէն» Սահմանային անցակէտին մէջ յայտնաբերած եւ ձերբակալած են Ս․ Շիրինեանը եւ տեղափոխած ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժին։