image

42 օրէ ի վեր պաշարուած Արցախի մէջ Գեղամ եւ Արեւ ամուսնացեալք

42 օրէ ի վեր պաշարուած Արցախի մէջ Գեղամ եւ Արեւ ամուսնացեալք

22 Յունուարին շրջափակուած արցախի մէջ հարսանիք եղած է։

Լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեանը դիմատետրեան իր էջին հարսանեկան արարողութենէն լուսանկար հրապարակած է եւ կից գրած. «Գեղամի եւ Արեւի պսակադրութիւնը Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցում։ Ադրբեջանի տերրորիստական իշխանութեան կողմից Արցախի շրջափակման 42-րդ օր»:

Յիշեցնենք, որ արդէն 43 օր Արցախը կը գտնուի լիակատար շրջափակման մէջ,  անջատած են նաեւ Արցախի կազամատակարարումը, վնասած բարձր լարման ելեկտրական գիծերը:

Աւելի քան 120 հազար արցախահայեր, այս շարքին՝ շուրջ 30 հազար երեխայ, կը գտնուին շրջափակման մէջ։