image

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը Հայաստանի խնդրանքով այսօր նիստ պիտի գումարէ

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը Հայաստանի խնդրանքով այսօր նիստ պիտի գումարէ

Հայ–ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակի առնչութեամբ ՄԱԿ–ի անվտանգութեան խորհուրդի նիստը նշանակուած է 14 սեպտեմբերին: Այս մասին կը տեղեկացնէ ռուսական ԹԱՍՍ գործակալութիւնը՝ յղում ընելով ՄԱԿ–ի իր աղբիւրին։

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Կառավարութիւնը գիշերը կայացած Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին որոշած է Ատրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւններու առնչութեամբ դիմած է ինչպէս ՄԱԿ–ի անվտանգութեան խորհուրդին, այնպէս ալ ՀԱՊԿ–ին։

Աւելի վաղ Ֆրանսան յայտարարած էր, որ որպէս ՄԱԿ–ի անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամ՝ խորհուրդի նիստ հրաւիրելու նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած է, իսկ ՀԱՊԿ–ն այս պահուն Երեւանի խնդրանքով տեսակապով խորհուրդի նիստ է կայացած է, որուն մասնակցած է նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը։