image

Լուքաշենքո յոյս ունի, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը երկարաժամկէտ ըլլայ

Լուքաշենքո յոյս ունի, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը երկարաժամկէտ ըլլայ

Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն յոյս յայտնած է, որ Կազայի հատուածին մէջ եւ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ հակամարտութիւններու լուծումները երկարաժամկէտ կ՚ըլլան։

«Վերջերս յաջողուեցաւ հասնիլ քանի մը երկարատեւ հակամարտութիւններու յանգուցալուծման, ես մեծ յոյս ունիմ՝ երկարաժամկէտ լուծման... Ատրպէյճանն ու Հայաստանը խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրած են։ Կազայի մէջ աւարտած է երկամեայ պատերազմը։ Սա միայն սկիզբն է։ Բայց մենք յոյս ունինք, որ սա լաւ սկիզբ է», -ըսած է Պելառուսիոյ առաջնորդը Եւրասիական անվտանգութեան նուիրուած Մինսքի երրորդ միջազգային համաժողովին։

Համաժողովը տեղի կ՚ունենայ Պելառուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ, հոկտեմբեր 28-29-ը։