Լուքաշենքօն առաջարկած է Սի Ծինփինի յուշարձանը կանգնեցնել Մինսքի ֆութպոլի Ազգային մարզադաշտին մօտ։
Մարզադաշտը կառուցուած է Չինաստանի յատկացուցած միջոցներով:
Բացման արարողութենէն առաջ, մարզադաշտի մուտքին մօտ, Պելառուսիոյ նախագահին ցուցադրած են քանդակ պելառուս եւ չինացի ֆութպոլիստներու, որոնք կանգնած են կողք կողքի։
«Այստեղ պէտք է կանգնեցուի Սի Ծինփինի յուշարձանը», - ըսած է Լուքաշենքօն ։
Մարզադաշտը կը համապատասխանէ բոլոր միջազգային չափանիշներուն եւ պատրաստ է ընդունելու ամենաբարձր մակարդակի խաղեր։