Երէկ Սուրիոյ մէջ ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է։ Տէր Զորէն դէպի Դամասկոս ճանապարհին երկու հանրակառքերու ճակատային բախուման եւ անոր յաջորդած հրդեհին հետեւանքով առնուազն 35 մարդ զոհուած է, իսկ եւս 30 հոգի վիրաւորուած է։
Տէր Զոր-Դամասկոս ճանապարհը Սուրիոյ կարեւորագոյն մայրուղիներէն մէկն է, որ կը տարածուի 400 քիլոմեթրէ աւելի (249 մղոն) եւ երկրի արեւելեան շրջանը կը կապէ մայրաքաղաքին։
Ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ հանրակառքերէն մէկը կը փոխադրէր Ներքին անվտանգութեան ուժերու անդամներ, իսկ միւսը՝ քաղաքացիական անձեր։ Նախարարութիւնը աւելցուցած է, որ դէպքի վայր շտապօգնութեան մեքենաներ ղրկուած են։ SANA լրատուական գործակալութեան համաձայն՝ վիրաւորները Հոմսի զինուորական հիւանդանոց փոխադրելու նպատակով նաեւ քանի մը ուղղաթիռներ ուղարկուած են արկածի վայր։