Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գործելակերպերը չէր կրնար գործարկուիլ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ հակամարտութեան ընթացքին, որովհետեւ Հայաստանը այդ տարածքը չէր ճանչնար ո՛չ որպէս իր տարածքի մաս, ո՛չ ալ որպէս անկախ պետութիւն։ Այս մասին «Կվարտէյսք» երիտասարդական համաժողովին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
«Պատմութիւն մը կար Հայաստանի հետ, որ կարծես կ՚ըսէր՝ «եկէք գործարկենք ՀԱՊԿ-ի մեխանիզմը»։ Բայց ըստ էութեան՝ որո՞ւ եւ ինչի՞ նկատմամբ։ Այն տարածքի՝ Լեռնային Ղարաբաղի, որ ինքը՝ Հայաստանը, դժբախտաբար թէ բարեբախտաբար՝ այդ իմ հարցը չէ՝ Երեւանինն է, չէր ճանչնար ո՛չ որպէս իրենը, ո՛չ ալ որպէս անկախ պետութիւն», ըսած է Զախարովան։
Մոսկուայի այս յայտարարութեան արձագանգելով՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէն պնդած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչի խօսքերը «կը խեղաթիւրեն իրականութիւնը»։
Պաքուի ներկայացուցիչին համաձայն՝ «Ղարաբաղեան տարածաշրջանը միջազգային հանրութեան, ներառեալ՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան կողմէ, միշտ ճանչցուած է որպէս Ատրպէյճանի անբաժանելի մաս»։
Ըստ Հաճիզատէի՝ տարածքներու նկատմամբ ՀԱՊԿ-ի մեխանիզմներու կիրառման հարցը օրակարգի վրայ պահելու փորձերը եւ զայն Հայաստանի կողմէ ճանաչման կամ չճանաչման հետ կապելը կը հակասեն Ռուսիոյ պաշտօնական դիրքորոշման եւ անհիմն են։