image

Ֆրանսահայ բուրագործ Ֆրանսիս Քիւրքճեան արժանացած է Ֆրանսայի պետական բարձրագոյն պարգեւին

Ֆրանսահայ բուրագործ Ֆրանսիս Քիւրքճեան արժանացած է Ֆրանսայի պետական բարձրագոյն պարգեւին

Ֆրանսահայ անուանի բուրագործ (parfumeur), «Dior»-ի բուրմունքներու բաժանմունքի ստեղծագործական տնօրէն եւ «Maison Francis Kurkdjian»-ի հիմնադիր Ֆրանսիս Քիւրքճեան արժանացած է Ֆրանսայի պետական բարձրագոյն պարգեւին՝ Պատուոյ լեգէոնի (Legion d'honneur) ասպետի (Chevalier) շքանշանին։

Այս պարգեւատրումը կը նկատուի անոր բազմամեայ ստեղծագործական ուղիին եւ միջազգային համբաւին բարձրագոյն պետական գնահատանքներէն մէկը։

Քիւրքճեան այս պատիւը ձօնած է Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած եւ Ֆրանսայի մէջ ապաստան գտած իր մեծ ծնողներուն՝ ընդգծելով, որ անոնց քաջութիւնն ու արժէքները ամենախոր իմաստը կու տան այս պարգեւին:

«Այսօր խոհերս խոր յուզումով կ'երթան դէպի մեծ հայրս ու մեծ մայրս, որոնք վերապրեցան Հայոց ցեղասպանութենէն եւ որպէս գաղթական ապաստանեցան Ֆրանսա։ Անոնց քաջութիւնը, իրենց նոր հայրենիքին հանդէպ հաւատքն ու ինծի փոխանցած արժէքները այս պարգեւին կու տան իր ամենախոր իմաստը»,– գրած է ան:

«Պատուոյ Լեգէոն» շքանշանը, որ 1802 թուականին հիմնադրուած է Նափոլէոն Պոնափարթի կողմէ, ցարդ կը մնայ Ֆրանսայի ամէնէն հեղինակաւոր պետական պարգեւը։ Անիկա կը շնորհուի այն անձերուն, որոնք բացառիկ ծառայութիւններ մատուցած են երկրի, գիտութեան, մշակոյթի, արուեստի, տնտեսութեան կամ հասարակական կեանքի զարգացման։

Տարիներու ընթացքին այս բարձր պատիւին արժանացած են բազմաթիւ համաշխարհային դէմքեր, որոնց շարքին՝ Նելսըն Մանտելա, Վացլաւ Հաւէլ, Սթիվըն Սփիլպըրկ, Շարլ Ազնաւուր, Ժան-Փոլ Կոթիէ եւ նշանաւոր այլ արուեստագէտներ, գիտնականներ ու պետական գործիչներ։

Ֆրանսիս Քիւրքճեան այս անգամ պարգեւատրուած է օծանելիքի արուեստին մէջ ունեցած բացառիկ ներդրումին եւ ֆրանսական մշակոյթը միջազգային բեմին վրայ փայլուն կերպով ներկայացնելու իր վաստակին համար։ Քիւրքճեան կը դասուի ժամանակակից օծանելիքագործութեան ամէնէն ազդեցիկ անուններուն շարքին։ Ան «Մեզոն Ֆրանսիս Քիւրքճեան» տան հիմնադիրն է, իսկ ներկայիս կը պաշտօնավարէ որպէս «Քրիստիան Տիոր փարֆիւմս»ի ստեղծագործական տնօրէն։

Իր ստեղծագործական գործունէութեան ընթացքին ան հեղինակած է քառասունէ աւելի հանրածանօթ բոյրեր, որոնց միջեւ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն Ժան-Փոլ Կոթիէի խորհրդանշական «Լէ Մալէ» եւ «Պաքարա Ռուժ 540»ը, որ վերջին տարիներուն դարձած է աշխարհի ամէնէն պահանջուած եւ վաճառուող շքեղ օծանելիքներէն մէկը։

Յատկանշական է, որ այս բարձր պետական գնահատականը առաջինը չէ Ֆրանսիս Քիւրքճեանի համար։ Ան տակաւին 2008-2009 տարիներուն արժանացած էր նաեւ րանսայի Մշակոյթի նախարարութեան «Արուեստի եւ գրականութեան» շքանշանի Ասպետի կոչման՝ արուեստի բնագաւառին մէջ իր նշանակալի ծառայութիւններուն համար։